2014-05-26 08:44:55

Ֆրանչիսկոս Պապի ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր` երրորդ եւ վերջին օր։Այցելութիւն` Մզկիթներու հրապարակ եւ Երուսաղէմի Ողբի Պատ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի երեք օրուայ ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր վերջ կը գտնէ այսօր` 26 Մայիսի երեկոյեան։ Վերջին օրուայ խիտ յայտագիրը կը նախատեսէ զանազան հանդիպումներ եւ նշանակալից վայրերու այցելութիւններ։
Նորին Սրբութիւնը, Երկուշաբթի 26 Մայիսի առաւօտեան ժամը 7.15 (տեղական ժամով) այցելեց Մզկիթներու հրապարակը ու հանդիպեցաւ Երուսաղէմի Միւֆդի` Շէյխ Մուհամմատ Ապպաս Հիւսէյնին։ Մզկիթներու հրապարակը յատուկ նշանակութիւն ունի Միաստուածեան երեք կրօններուն համար։ Իսլամները զայն կը նկատեն Մահմետականներու ուխտագնացութեան երրորդ վայրը Մաքքէյէն եւ Մէտինէյէն ետք։ Հրեաներուն համար Սողոմոնի տաճարի վայրն է իսկ Քրիստոնեաներուն համար Յիսուսի` Երուսաղէմի տաճարի մասին մարքարէութեան վայրն է։
Երուսաղէմի Միւֆդիին ուղղած իր իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը ոգեկոչեց իր նախորդներու ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր, Մահմետական հաւատացեալները որակելով եղբայրներ։ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Աբրահամ նախահօր որ Իսլամ, Քրիստոնեայ եւ Հրեայ կրօններու համար, Հաւատքի Հայրն է եւ օրինակելի տիպար։ Ան ապա մատնանշեց ուրիշի հանդէպ նախապաշարումներ չունենալու հարկաւորութեան, եւ ըլլալու Աստուծոյ վկաները եւ խաղաղութեան ու արդարութեան գործիչները։ Իր Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց բոլոր Աբրահամի զաւակներուն յարգելու իրար զիրար որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ յանձնարարեց Աստուծոյ անունով բռնութիւն չբանեցնել։ Միասնաբար աշխատինք խաղաղութեան եւ արդարութեան կերտումին ի սպաս - եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։
Երուսաղէմի Միւֆդիին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը այցելեց Երուսաղէմի ''ողբի պատը'', ուր զետեղեց սպաներէն լեզուով ձեռագիր ''Հայր Մեր'' աղօթքը յայտնելով ''Հայր Մերը գրեցի այն լեզուով որ իմ Մայրս սորվեցուցած է ինծի''։ Հայր մեր աղօթքը պատին խորշին մէջ զետեղելէ ետք Սրբազան Հարը յուզումնալից ողջագուրում մը ունեցաւ իրեն ընկերացող երկու արժանթինցի բարեկամներուն հետ Րաբունապետ Սքորքա եւ Շէյխ Ապպուտ։
Սրբազան Հայրը ապա ստորագրեց ''ողբի պատի'' ոսկէ մատեանը ուր ի մէջ այլոց գրեց ''Ուրախութեան զգացումներով եկայ աւագ եղբայրներուս մօտ եւ Տիրոջմէ հայցեցի խաղաղութեան շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.